2016-10-14 10:08:00

Եթէ մէկ միլիոն մանուկներ աղօթեն վարդարանը` աշխարհ պիտի փոխակերպուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիացի հնգամեայ երեխային, Օմրան Տանքիշի լուսանկարը, ուր ան արիւնլուայ  նստած է շտապ օգնութեան կառքի մը մէջ, տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ։ Այս իրականութիւնը հարցականի տակ կը դնէ այսօրուան սերունդի ապագան։ «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կազմակերպութիւնը, 11 տարիներէ ի վեր օգնութեան կը հասնի մանուկներու՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին։ Իւրաքանչիւր երեխայ ունի ընտանիք մը, ասոր համար յիշեալ կազմակերպութիւնը կը կենդրոնանայ ամենէն փոքրերու օգնութեան վրայ, կազմելով միջազգային «մարեմեան» ցանց մը՝ խաղաղասէր եւ աղօթարար։ Այս համացանցը, ամրապնդուած է վարդարանի աղօթքով։

Յառաջիկայ հոկտեմբեր 18ին, առաւօտեան ժամը 9ին, աշխարհի չորս ծագերէն, զանազան երկիրներէ, մանուկներ պիտի ըլլան աղօթքի ձեռնարկի մը գլխաւոր դերակատարները, յիշելով Սուրբ Փիօ Փիեթրելչինայի խօսքը՝ «եթէ մէկ միլիոն մանուկներ աղօթեն վարդարանը, աշխարհ պիտի փոխակերպուի»։

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութեան կազմակերպութիւնը վարդարանը կը բաշխէ ամենէն փոքրերուն. մանուկներու համար կազմած է նաեւ գրքոյկ մը, որուն տիտղոսն է՝ «Մենք մանուկներս կ՛աղօթենք վարդարանը»։

2009 թուականէն սկսեալ այդ գրքոյկը թարգմանուած է ութ լեզուներու եւ հրատարակուած 600.000 օրինակով։ Իւրաքանչիւրը կրնայ մասնակից դարձնել ընտանիքի մը մաս կազմող մանուկները։ Կարելի է նաեւ օգնել այն մանուկներուն, որոնք բախտը չեն ունեցած ծնելու քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ՝ անոնց յանձնելով մանուկներու Աստուածաշունչը, որ 1979 թուականէն ցայսօր թարգմանուած է 178 լեզուներու, եւ հրատարակուած 51 միլիոն օրինակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.